ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային
14925483_662160933943793_2172331130549170680_nԳալֆայեան Տան խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Տուլքատիրեանի, 9 Նոյեմբեր 2016, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, յայտնեցին որ 20 Նոյեմբեր 2016, Կիրակի առաւօտ, հոգեհանգստեան Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Գալֆայեան Տան հիմնադիր՝ Սրբուհի Մայրապետ Գայֆայեանի, ինչպէս նաեւ Գալֆայեան ուխտի միաբանութեան հանգուցեալ մայրերու եւ քոյրերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Պէզճեան Սրահին մէջ, պիտի սարքուէր նաեւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Գալֆայեան Տան։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին եւ աշխարհիկ ու հոգեւոր հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Հաստատութիւնը այս տարի կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 150-ամեակը։ Գալֆայեան ընտանիքէ ներս սոյն հանգրուանը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած է ու Գալայեանցիներ կը փափաքին ըստ կարելւոյն մեծ շուքով տօնախմբել այս պանծալի յոբելեանը։ Անգամ մը եւս շեշտեցին թէ վարժարանը իր առաքելութեամբ կը տարբերի համայնքային կրթական շատ մը հաստատութիւններէն եւ այս առումով կ՚ակնկելեն համայնքի զօրակութիւնը, մանաւանդ պատմական այս փուլին։

Նորին Սրբազնութիւնը, ուրախութիւնը յայտնեց թէ՝ 150-ամեակի հասած հաստատութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութեան։ Այս հանգրուանին, Գալֆայանի ընտանիքին կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։