ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

kalfayan

Գալֆայեան Տան խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Տուլքատիրեանի, 15 Նոյեմբեր 2014, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, յայտնեցին որ 23 Նոյեմբեր 2013, Կիրակի առաւօտ, հոգեհանգստեան Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Գալֆայեան Տան հիմնադիր՝ Սրբուհի Մայրապետ Գայֆայեանի, ինչպէս նաեւ Գալֆայեան ուխտի միաբանութեան հանգուցեալ մայրերու եւ քոյրերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Պէզճեան Սրահին մէջ, պիտի սարքուէր նաեւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Գալֆայեան Տան։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին եւ աշխարհիկ ու հոգեւոր հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը, գնահատեց Գալֆայեան Տան վարիչները եւ բոլորին յաջողութիւն մաղթեց իրենց կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։