ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿՐՕՆԻՑ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

kanadaԳանատայի Կրօնից Ազատութեան Դեսպան Էնտրու Պէննըթ, 3 Հոկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 10.00ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Գանատայի Կրօնից  Ազատութեան Գրասենեակը  հիմնուած է 2013ին, համաշխարհային չափանիշով կրօնից ազատութեան ի նպաստ աշխատանք տանելու առաքելութեամբ։ Մեծայարգ հիւրը, եղած էր սոյն գրասենեակի առաջին դեսպանը եւ այս հանգամանքով հետաքրքուած՝ Թուրքիոյ Հայ համայնքին հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց հիւր դեսպանին եւ յայտնեց թէ կրօնքի ազատութիւնը անհատի մը առաջնակարգ իրաւունքն էր։  Կրօնքի տարբերութիւններու պատճառաւ, մարդիկ պէտք չէին իրարու թշնամանալ։ Նշեց նաեւ թէ, Թուրքիոյ մէջ կրօնքի ազատութեան առումով հետզհետէ կ՚արձանագրուէն դրական զարգացումներ։ Յաջողութիւն մաղթեց դեսպան Պէննըթին իր պաշտօնին մէջ։