ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

kandilliԸնդհանուր բարեզարդման աշխատանքները աւարտած ըլլալով, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ 31 Մայիս 2013, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան։

Եկեղեցւոյ մուտքէն սկսեալ յայտնի կը դառնար կատարուած բծախնդիր աշխատանքը։ Մանաւանդ տեսանելի կ՚ըլլար նորաշէն փայտաշէն զանգակատունը, որ նախկին զանգակատան մաշումէն յետոյ կառուցուած էր եկեղեցւոյ տանիքին վրայ։ Նաեւ բարեզարդուած էին եկեղեցւոյ ներքնամասը եւ համալիրը։

Նորին Սրբազնութիւնը եկեղեցի ժամանեց ժամը 14.30-ին եւ եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ ներկայ հոգեւորականներու եւ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներու կողմէ։ Ապա խորհրդարանի մէջ տեղեկութիւններ ստացաւ կատարուած աշխատութիւններու մասին։

Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը սկսաւ ժամը 15.00-ին, մասնակցութեամբ կոկիկ թիւով հաւատացեալներու։ Մինչ կ՚երգուէր «Բաց մեզ տէր»ը, Սրբազան Հայրը կը թակէր եկեղեցւոյ դուռը։ Ապա հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ մուտք գործեցին եկեղեցիէն ներս։ Յետ կանոնական աղօթքներու, Սրբազան Հայրը, Ս. Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ Աւագ Սեղանը, Մկրտութեան պահարանի Ս. Կարապետ եւ Ձախակողմեան մատրան Ս. Առաքելոց Սեղանները։ Ապա արտասանեց «Պահպանիչ» աղօթքը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Նկատելով որ յաջորդ օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի խոր վիրապէն ելլելու յիշատակն է, կատարուեցաւ նաեւ նախատօնակի արարողութիւն։  Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Արարողութեանց աւարտին, թաղային խորհուրդի կողմէ, եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն մը։ Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց Ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի եկեղեցանուէր աշխատանքները, որոնք կը կատարուէին Գանտիլլիի գողտրիկ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։