ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

10339501_462618237231398_8977579169781844618_oԳանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Գէորգեանի, 23 Յունիս 2015, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 4 Յուլիս 2015, Շաբաթ, Ս. Երկոտասան Առաքելոցն Քրիստոսի եւ Պօղոսի՝ երեքտասաներորդ Առաքելոյն Տօնին։ Այցելուները, օրուայ կրօնական հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։