ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ՄԿՐՏԻՉ ՍԷՐԹՇԻՄՇԷՔԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

23621573_858687720957779_8183863230601379452_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 14 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը եւ Մկրտիչ Սէրթշիմշէքը։

Այս տարուայ մէջ «Ծառայութեան 55 տարիներ» գիրքի հրատարակութեամբ, նկարներով ու գնահատագիրերով անմահացած էր Մրկտիչ Սէրթշիմշէքի եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցին, գլխաւորութեամբ իր հոգեւորականաց դասուն, նկատելով Գատըգիւղի Թաղեցի ու Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամ՝ Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի եկեղեցանուէր ծառայութիւնը, փափաքած էր գիրքի շնորահանդէս մը կազմակերպել ու մեծարել Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի օրինակելի ծառայութիւնը։ Այցելուներ, գիրքի պատրաստութեան գաղափարին եւ հանդիսութեան բովանդակութեան մասին Սրբազան Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին ու Սրբազան Հօր օրհնութիւնը խնդրեցին։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, գնահատեց սոյն հանդիսութեան գաղափարը ու վեր առաւ մեծարեալի վաստակը։ Երանութիւն տուաւ այն անձերուն, որոնք եկեղեցւոյ պայծառութեան ու բարգաւաճման համար իրենց ներդրումը կ՚ունենան։ Մեծարեալն ալ կը պատկանի այս դասակարգին, քանի ինք յիշատակ ունի բազում Հայկական եկեղեցիներուն մէջ։ Սրբազան Հայրը օրհնեց մեծարեալը ու արեւշատութիւն մաղթեց իրեն։

«Ծառայութեան 55 տարիներ» գիրքի շնորահանդէսը, Գատըգիւղի Արամեան Սանուց Միութեան հանդիսասրահին մէջ, 1 Դեկտեմբեր 2017, Ուրբաթ, երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ։ Հարկ է նշել թէ՝ մեծարեալը գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթաղիկոսի, գնահատանքի արժանացած էր բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներէ եւ վարչային մարմիններէ։