ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՀԱԿՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

186532332_1846632798829928_4570953687209571140_nՀամայնքային շրջանակներէ ներս, 12 Մայիս Չորեքշաբթի առաւօտ մեծ յուզում պատճառեց Գարթալի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ժրաջան ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուի մահուան լուրը։ Թէ՛ վարչական կեանքէ եւ թէ եկեղեցական շրջանակներէ ներս, այս տխուր զարգացումը ցնցեց հանգուցեալի ծանօթները։

Յովհաննէս Սահակօղլուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, 14 Մայիս 2021, Ուրբաթ, ժամը 12.00-ին, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանը, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանը եւ քահանայ հայրերը։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ հանգուցեալ Սահակօղլուի ընտանեկան պարագաները եւ վարչական կեանքէ ներս իրեն ծանօթներ։186367255_1846638602162681_9048800043928877891_nՅընթացս արարողութեան դամբանախօսեց Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան եւ դրուատեց հանգուցեալի եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։ Տէր Հայրը յիշեցուց թէ ցաւ էր հանգուցեալի մարմնական կորուստը, սակայն իր ծառայութիւնը հանգուցեալի բարի հոգին պիտի առաջնորդէր Տիրոջ առջեւ։ Ինք պիտի յիշատակուէր այս օրինակելի ծառայութեան շնորհիւ։

Այս տխուր առիթով Պատրիարք Հայրը, «Քրիստոս Որդի Աստուծոյ» աղօթքը արտասանեց հանգուցեալի հոգւոյն խաղաղութեան համար եւ իր վշտակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի մօր, կողակցին, ընտանեկան պարագաներուն ու գործակիցներուն, վեր առնելով հանգուցեալին արժանիքները։186357447_1846635358829672_1844970711949283994_nՀարկ է նշել թէ, Յովհաննէս Սահակօղլուին Գարթալի ատենապետութեան պաշտօնին կոչուած էր 2011 թուականին։ Անցեալ տասը տարուան գործունէութեան ընթացքին, իր առաջնորդած թաղային խորհուրդի գերազանց ջանքերով Գարթալի Ս. Նշան Եկեղեցին թէ՛ արտաքնապէս եւ թէ ներքնապէս բարեզարդուած էր։ Իր նուիրեալ եւ հետեւողական աշխատանքներուն որպէս արդիւնք, եկեղեցին վերատիրացած էր նիւթական եկամուտներու եւ սկսած՝ աշակերտներու ու կարիքաւոր ընտանիքներու եւս օժանդակել։