ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

12525490_535749176584970_5674914413151125185_oԳերմանիոյ աւագ հիւպատոս՝ Տքթ. Ճորճ Պիրկէլէն, 3 Փետրուար 2016, Չորեքշաբթի, միջօրէին, այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի, Հայ համայնքի մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։