ԳԵՐՄԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

10945834_502966713196550_3944417842922306588_oԳերմանիայէն աշակերտներու խումբ մը, 22 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, եկած էին ծանօթանալու համար Պատրիարքարանին։ Անոնք, Սրբազան Հօր կողմէ տեղեկութիւներ ստանալէ յետոյ, հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ համայնքի մասին։