ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍ.Ի ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան 8 Յուլիս 2019, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

Հիւր Սրբազան Հայրը, որ իր ազգականներուն մկրտութեան մասնակցելու համար քաղաքս կը գտնուէր, եկած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Նորին Սրբազնութեան։ Ան շնորհաւորեց նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ արեւշատութիւն ու կորով մաղթեց։

2019 TEMMUZ KHAJAG SRP

Մօտ մէկ ժամուան հաճելի զրոյցի ընթացքին Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական այցելութեան համար։