ԳՈՂԹԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kohtan netetԱթոռանիստ Մայր Տաճարի Գողթան  Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ դասուն փոխ-նախագահ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի, 22 Դեկտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, մօտալուտ Ամանորի առթիւ աւանդական այցելութեամբ շնորհաւորեցին դպրաց դասու նախագահ Սրբազան Հայրը եւ տեղեկութիւններ տուին դպրաց դասու «Տիրացուներու Հիմնարկ»ի գործունէութեանց մասին։ Անոնք մաղթեցին որ դպրաց դասու բոլոր անդամներուն համար Նոր Տարին ըլլայ բարեբեր տարի մը։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց դպրաց դասու ներկայացուցիչներուն, իրենց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Մաղթեց, որ նոր տարին դպրաց դասու անդամներուն համար ըլլայ արգասաւոր տարի մը։ Նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց Աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։