ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

13198586_574773616015859_2204134023162673959_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 6 Մայիս 2016,Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 29 Մայիս 2016, Կիրակի առաւօտ։ Այցելուները, մատաղօրհնութեան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Տեղեկութիւններ տուին նաեւ իրենց աշխատանքներուն մասին։ Այցելուներ տեղեկութիւն տուին նաեւ եկեղեցւոյ հետ առնչուած կալուածական զարգացումներու մասին։

Արամ Արքեպս. սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Գնահատեց Թաղային Խորհուրդի անդամները, որոնց ջանքերով եկեղեցւոյ կալուածները աւելի եկամտաբեր դարձած էին։ Սրբազան Հայրը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։