ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kumkapi tursԳումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեանի, 16 Մարտ 2015, Երկուշաբթի այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 12 Ապրիլ 2015, Կիրակի օրուան։ Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը ու հրաւիրեցին Սրբազան Հայրը։ Իրենց աշխատութեանց առընթեր, մասնաւորապէս բացատրութիւններ տուին եկեղեցւոյ կից կառատան հողակոյտի վրայ կատարուած աշխատանքներու եւ նախկին Վառվառեան վարժարանի մէջ իրենց ունեցած գործունէութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին ու յայտնեց թէ ինք պիտի հանդիսապետէ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեանց։ Լսելով թաղային խորհուրդի աշխատանքները, ուրախութիւնը յայտնեց ու գնահատեց, ի մասնաւորի յօգուտ եկեղեցւոյ ձեռք բերուած կալուածներու համար։
Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։