ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12239370_510915052401716_7783901048722552133_oԳումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեանի, 18 Նոյեմբեր 2015, Չորեքշաբթի, այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւնները աւարտած ըլլալով, կը սպասեն պաշտամունքի վերաբացումը։ Անոնք, աշխատութիւններու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Արամ Արքեպս., կատարուած աշխատութեանց համար թաղային խորհուրդի անդամները շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Ս. Յարութիւն Եկեղեցին, 27 Նոյեմբեր, Ուրբաթ օր, պաշտամունքի պիտի վերաբացուի։