ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12000820_555259714633916_4283128769298175659_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 23 Մարտ 2016, Աւագ Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 3 Ապրիլ 2016, Կիրակի օրուան։ Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Իրենց աշխատութեանց առընթեր, մասնաւորապէս եկեղեցին հետաքրքրող հարցերու մասին տեղեկութիւն փոխանցեցին։ Եկեղեցւոյ յարակից երբեմնի Պօղոսեան-Վարվառեան Վարժարանը, դարձեալ կեանքի կոչելու մասին գաղափարի փոխանակումներ եղան։

Արամ Արքեպս. կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։