ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

KUMKAPI DIŞI

 

 

 

 

 

 

 

 

Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի, 10 Ապրիլ 2017, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ 23 Ապրիլ 2017, Կիրակի, Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն էր ու այս առթիւ պիտի մատուցուէր Ս. Պատարագ։ Այցելուները խնդրեցին, որ Նորին Սրբազնութիւնը նախագահէ օրուան արարողութեան։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանի շէնքին եւ արձանագրուած զարգացումներու մասին։

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց եղած խնդրանքին, գնահատեց զիրենք, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։