ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

kumkapi disiԳումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեանի, 27 Մարտ 2014, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 27 Ապրիլ 2013, Կիրակի օրուան։ Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Նաեւ տեղեկութիւն տուին իրենց աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։