ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական

11182283_814236191994250_964930738394853770_nges sargavakgesasargavak 1Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ 3 Մայիս 2015, Կիրակի, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կոմիտաս Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, կիսասարկաւագ ձեռնադրեց եկեղեցւոյ լուսարար՝ Բրկ. Ալֆա Ուր. Դպ. Օհանեանը, խարտաւիլակութեամբ՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի։