ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ

Kategori: Կրօնական

Մեծ Պահոց հինգերորդ կիրակին կը կոչուի Դատաւորի Կիրակի, որ իր կոչումը կþառնէ Քրիստոսի պատմած «Անիրաւ Դատաւորի» առակէն ¥Ղուկաս 18.1-8¤։ Մեծ Պահքին ծոմապահութեան առընթեր յատկապէս աղօթքի շրջան մը ըլլալու պարագան կը յայտնուի այս կիրակի։ Տեւապէս, առանց ձանձրանալու աղօթել եւ աղօթքի մէջ գոհութեամբ արթուն մնալ կը թելադրուի ¥Կողոսացիս 4.2¤։ Կը շեշտուի մեր Երկնաւոր Հօր բարի կամեցողութիւնը, որ միշտ բարի պարգեւներ կը բաշխէ հաւատքով իրեն դիմող հոգեւոր զաւակներուն ¥Մատթէոս 7.11¤։

Առակին մէջ դատաւորը կը ներկայանայ միայն իր հանգիստը խորհող եւ տկարին նկատմամբ իր հանգիստէն չզիջող, աղքատը արհամարհող մարդու մը տիպարով, մինչ այրին՝ հաստատակամ եւ իր դատին նկատմամբ ժայռի կեցուածք որդեգրած կնոջ տիպարով։ Կինը դատաւորին դուռը կը բաղխէ ու հայց կը ներկայացնէ, որ իր հակառակորդին հետ ունեցած դատը տեսնուի։ Դատաւորը անիրաւ է։ Մերժելով կը մերժէ դատը տեսնել։ Սակայն այրի կնոջ անդադար կրկնած ու ներկայացուցած թախանձանքը ի վերջոյ արդիւնք կուտայ։ Աստուծմէ չվախցող, մարդոցմէ չամչցող անիրաւութեան տիպարը ի վերջոյ կը խոնարհի եւ ընթացք կու տայ այրիին խնդրանքին։ Բաւ է որ անգամ մըն ալ չտեսնէ այրիին երեսը, որպէսզի իր հանգիստը չխռովի։

Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ ընդգրկելու այրի կնոջ տիպարը, որ իր համբերութեան, հաստատակամութեան պտուղը քաղեց։ Մենք կը հրաւիրուինք ոչ թէ անիրաւ դատաւորին դուռը բաղխելու, այլ կը կանչուինք մեր արդար, գթած եւ ողորմած Երկնաւոր Հօր դուռը ներկայանալու։ Քրիստոս սորվեցուց. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի» ¥Մատթէոս 7.7¤ Աստուած միշտ կը գործէ։ Իր նախախնամող հովանին տարածած է ամբողջ տիեզերքին վրայ։ Չկայ պահ մը, որ բնութեան մէջ բան մը չվերանորոգուի։ Մարդկային, անասնական եւ բուսական աշխարհի մէջ միշտ բջիջներ կը վերանորոգուին։ Բոլորին մէջէն Աստուած իր հրաշալի զօրութիւնը կը յայտնէ։ Ուրեմն մենք դէմ յանդիման ենք անհանգիստ գործող Զօրութեան հետ, որ պատրաստ է միշտ մեզ լսելու։ Ան թէեւ մենք իրմէ չխնդրած գիտէ, թէ ինչի պէտք ունինք։ Սակայն կը սպասէ, որ մեր սրտին խօսքերով դիմենք իրեն, ցոյց տալու համար, թէ մենք կը հաւատանք Իրեն, կը վստահինք Իր զօրութեան եւ բացի Իրմէ ուրիշ ոչ ոքի կը յուսանք։ Մեր սրտի խօսքերը մեր արտասանած աղօթքներն են, որուն պէտք է դիմենք հաստատ հաւատքով։

Ոմանք կը կարծեն, թէ եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութեանց կամ Ս. Պատարագի մատուցման ընթացքին  արտասանուած աղօթքներն են միայն, որոնցմով կարելի է դիմել Աստուծոյ։ Ուրախութեան պահերուն հաւատքով արտասանուած գոհաբանական սրտաբուխ աղօթք մը, կամ նեղութեան պահերուն հաւատքով արտասանուած մխիթարութեան խնդրանքի աղօթք մը նոյնքան լսելի եւ ընդունելի են, որքան եկեղեցւոյ ժամապաշտութեան պաշտօնական աղօթքները։

Անդադար, շարունակ աղօթողներ կը նմանին Երուսաղէմի շուրջի պարիսպներուն պահապաններուն, որոնք գիշեր ցերեկ չեն լռեր։ Տէրը յիշողներ պէտք չէ լռեն։ Պէտք չէ հանգիստ տան Աստուծոյ, մինչեւ որ երկրի վրայ Երուսաղէմը վերականգնի եւ երկրի պարծանքը դառնայ ¥Եսայի 62.6-7¤։

Սիրելի հաւատացեալներ,
Քրիստոս ոչ միայն թելադրեց աղօթել, այլ ինք եւս աղօթեց ¥Ղուկաս 6.12¤ ու սորվեցուց, թէ ինչպէս պէտք է աղօթել։ Ս. Աւետարանէն կրնանք սորվիլ Քրիստոսի ուսուցումը աղօթքի մասին ¥Մատթէոս 6.5-15¤։ Աղօթքի հիմնական սկզբունքներուն հետ գոնէ բոլոր Հայ Քրիստոնեաներուն ծանօթ ըլլայ, թէ յաճախ արտասանուած «Հայր Մեր»ը Տէրունական Աղօթք է եւ Քրիստոս զայն սորվեցուց, իր աշակերտներուն, որոնք Իրեն դիմած էին աղօթելու կերպը սորվելու համար։

Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ, թէ աղօթքը եւ աղաչանքը միջոցներ են, որպէսզի գոհունակ սրտով Աստուծմէ խնդրենք ամէն  բան որոնց պէտքը կը զգանք։ Աղօթելով, մեր հոգը երբ Աստուծոյ յանձնենք, Աստուծոյ խաղաղութեամբ կը խաղաղին մեր սրտերն ու մտքերը ¥Փիլիպեցւոց 4.6-7¤։

Աղօթելու վարժութիւնը կը սկսի մեր ընտանեկան յարկերուն տակ։ Հայ Քրիստոնէական շատ գեղեցիկ սովորութիւն է ճաշէն առաջ եւ վերջը, քնանալէն առաջ եւ արթննալէն յետոյ աղօթել։ Այն ընտանիքները, որոնք սիրով կը պահեն այս գեղեցիկ սովորութիւնը, արդէն իսկ Ս. Մկրտութենէն յետոյ եկեղեցւոյ Ս. Աւազանէն վերստին ծնած իրենց զաւակները պահած կþըլլան Աստուածահաճոյ ճանապարհի մը մէջ, ուր ապականութիւն չկայ։ Այդ վարժութիւնը կը շարունակուի մեր համայնքային վարժարաններուն մէջ, եթէ ընձեռուած կրօնքի դասաժամերը լաւագոյնս օգտագործուին, եւ եթէ աշակերտներուն հաւատքով թելադրուի, թէ եկեղեցւոյ հաւաքական պաշտամունքին, Ս. Պատարագի մասնակցութիւն բերել անհրաժեշտ է ապրելու համար նոյն հաւատքը բաժնող քոյր եւ եղբայրներու միասնականութիւնը աղօթքի մէջ։

Անիրաւ դատաւորի առակին պատգամով երբ կþառաջնորդուինք տեւաբար աղօթելու, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին բառերով դիմենք Արդար Դատաւորին՝ Քրիստոսի, «որ երբ գայ Հօր փառքով, դատելու ողջերն ու մեռեալները, մեզի հետ դատաստանի չմտնէ, այլ մեզ փրկէ յաւիտենական կրակէն եւ արժանացնէ արդարները երկնքի արքայութեան հրաւիրող երջանիկ ձայնը լսելու». Ամէն։

Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան