ԵԷՆԻ ԵԻՒԶԵԸԼ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

yeni yuzyil neteՍտանպուլի Եէնի Եիւզեըլ Համալսարանէն աշակերտներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասախօս՝ Մէհմէտ Պարտաքճըի, 18 Դեկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբին մաս կը կազմէին Քաղաքական Գիտութեանց եւ Միջազգային Յարաբերութեանց Բաժնի աւարտական դասարանի աշակերներ, որոնք իրենց ստացած դասերու հետ առնչուած նիւթերուն շուրջ պրպտում կատարելու համար, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Հիւրերը հետաքրքրուելով Թուրքիոյ Հայ համայնքի պատմութեամբ եւ այժմու վիճակով, Նորին Սրբազնութեան հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ համայնքի պատմութեան մասին։ Սրբազան Հայրը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն։