ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՏԻՄԻԹՐՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

etiyopyaԵթովպական Եկեղեցիէն Գերշ. Տ. Տիմիթրոս Եպիսկոպոսը իր հետ ունենալով Ստանպուլ բնակող Եթովպական Եկեղեցւոյ անդամները, 27 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղաւ Արժ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Տիմիթրոս Եպիսկոպոս նախ Եթովպական Եկեղեցւոյ նորընտիր գահակալ՝ Ն.Ս.Տ. Մաթիաս Պատրիարքի ողջոյնները փոխանցեց Նորին Սրբազնութեան, ապա ըսաւ որ շնորհակալութիւն յայտնելու նպատակաւ այցելած էր Պատրիարքարան։ Եթովպիոյ Եկեղեցին, որպէս դաւանակից, խնդրանք ներկայացուցած էր Պատրիարքական Աթոռոյս, որպէսզի իր անդամները արարողութիւն կատարէին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կից Ս. Յարութիւն Մատրան մէջ։ Պատրիարքական Աթոռը սիրով ընթացք տուած էր այս խնդրանքին ու մատուռը արարողութեան համար տրամադրած էր Եթովպական Եկեղեցւոյ անդամներուն։ Տիմիթրոս Եպիսկոպոս, իր գոհունակութիւնը յայնեց այս արտօնութեան, որ կենդանի օրինակը կ՚ըլլար քոյր եկեղեցեաց համագործակցութեան։

Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան՝ ընծայած այցելութեան համար։ Ան, յիշեցուց որ, Եթովպական Եկեղեցւոյ անդամ հաւատացեալներ, արդէն իսկ ներկայ կ՚ըլլան Հայ Եկեղեցւոյ արարողութեանց։ Ան, հաւաստիացուց թէ որպէս Եթովպական Եկեղեցւոյ քոյր եկեղեցին՝ Հայ Եկեղեցւոյ Ստանպուլի Աթոռը, միշտ պատրաստ է օժանդակելու Եթովպական Եկեղեցւոյ հաւատացեալ անդամներուն։