ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ Ս.ԹԱԴԷՈՍ – Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12238455_510351015791453_841683027542024716_oԵնիգաբուի Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեանի գլխաւորութեամբ,  16 Նոյեմբեր 2015, Երկուշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 29 Նոյեմբեր 2015, Կիրակի։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Թաղի երբեմնի վարժարանին շէնքը, 25 տարուան համար վարձուած է հաստատութեան մը։ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ եւ վարիչ Նորայր Քէնանի առաջնորդութեամբ սկսած է նաեւ երգչախումբի մը կազմութեան աշխատութիւնները։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։