ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ Ս.ԹԱԴԷՈՍ – Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

23472229_856516474508237_4664883558947154329_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 10 Նոյեմբեր 2017, Ուրբաթ, ժամը 14.00ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները գլխաւորութեամբ Ատենապետ Մուրատ Քարամանի։

Այցելուները եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին տեղեկութիւն տուին։ Ապա, յայտնեցին, որ Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 3 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի։ Օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ արարողութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը։

Սրբազան Հայրը, ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Հետաքրքրուեցաւ եկեղեցւոյ ներկայ վիճակով, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։