ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

13217305_576969999129554_1218835636748045368_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 12 Մայիս 2016, Հինգշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի։

Այցելութեան նպատակն էր Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան համար հովանաւորութիւնը խնդրել Պատրիարքական Աթոռոյ։ Այցելուները տեղեկութիւներ տուին նաեւ իրենց գործունէութենց մասին։ Տեղեկութիւն տուին նաեւ եկեղեցւոյ հետ առնչուած կալուածական զարգացումներու մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։

Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 12 Յունիս 2016, Կիրակի։