ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

Yenikoy Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, եկեղեցւոյ երէց՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի գլխաւորութեամբ, 30 Ապրիլ 2015, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելութեան նպատակն էր Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան համար հովանաւորութիւնը խնդրել Պատրիարքական Աթոռոյ։ Այցելուները տեղեկութիւներ տուին նաեւ իրենց գործունէութենց մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց անոնց։ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 24 Մայիս 2015, Կիրակի, Հոգեգալուստի Տօնին։