ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Ընտրեալ Պատրիարք, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, եւ Խորհուրդի Ատենապետ Հապիպ Էօզֆըրընճըի։

 

Անոնք Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 22 Դեկտեմբեր 2019 Կիրակի՝ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ։

2019 YESILKYUGH MADAGH

Անոնք Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Եշիլգիւղի Վարժարանի հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին։ Այս առիթով շնորհաւորեցին նաեւ Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իրեն։

 

Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։