ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

isvicre

Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Մօնիքա Շըմութզ Քըրկէօզ, 9 Դեկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, միջօրէին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով, մեծայարգ աւագ հիւպատոսը հիրընկալուեցաւ ճաշասեղանով։