ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12357019_516411431852078_1357874267237350184_oԵշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, 9 Դեկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Եշիլգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 20 Դեկտեմբեր 2015, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ եւ Եշիլգիւղի Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։