ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

15350568_679473008879252_1827642787245576944_nԵշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, 9 Դեկտեմբեր 2016, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Եշիլգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 18 Դեկտեմբեր 2016, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ եւ Եշիլգիւղի Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Խումբին կը միանար Եշիլգիւղի Վարժարանի նորանշանակ տնօրէն՝ Մէլիքճան Զաման, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց աշակերտութեան մակարդակին եւ վարժարանի նոր շրջանի աշխատութեանց մասին։ Թաղային Խորհուրդի անդամները եկեղեցւոյ կալուածական զարգացումներուն մասին եւս տեղեկութիւններ տուին։

Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։