ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

yesilkoy kiliseԵշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին, որ շուրջ ամիս մը բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 21 Փետրուար 2014, Ուրբաթ, ձեռամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Արժ. Տ. Տ. Պսակ Աւ., Անդրէաս Աւ., Գէորգ, Տրդատ, Եղիա, Զաքար քահանայ հայրերը։

yesilkoy kilise 2Ժամը 16.00-ին, Նորին Սրբազնութիւնը, հոգեւորականաց թափորով առաջնորդուեցաւ խորհրդարանէն դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը։  Այստեղ կատարուած Դռնբացէքի Արարողութենէն յետոյ, ներկայ հաւատացեալներ մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ աւագ խորանը, բեմի ճակատը, առաջադրութեան սեղանն ու պահարանը, աջակողմեան Ս. Ստեփանոս Սեղանը, Ս. Մկրտութեան աւազանը եւ ձախակողմեան Ս. Քառասուն Մանկանց Սեղանը։ Ապա կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ Գարեգին Բ. Պատրիարք սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Սիրոյ Սեղանէ յետոյ, Արամ Սրբազան հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ դարձեալ մտաւ պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցին։ Այստեղ Նորին Սրբազնութիւնը, մի առ մի օծեց Քրիստոսի Առաքեալներու նուիրուած նոր սրբանկարները, որոնք բարեզարդման աշխատանքներու ընթացքին պատրաստուած եւ տեղադրուած էին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս արարողութեան եւս ներկայ եղան Եշիլգիւղի վարիչներ եւ խումբ մը հաւատացեալներ։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ միասնաբար արտասնուած Տէրունական Աղօթքով։