ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ինչպէս ծանօթ է մերազն ժողովրդեան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Շնորհազարդ Պատրիարք Հօր վախճանման առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս սահմաններէն ներս, ազգային-եկեղեցական սուգ հրահանգուած էր մինչեւ Ս. Զատկի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը (20 Ապրիլ 2019, Շաբաթ)։ Իսկ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր վախճանման քառասունքը կը լրանայ 17 Ապրիլ 2019, Աւագ Չորեքշաբթի։

Նկատի ունենալով Աւագ Շաբթուան անյարմարութիւնն ու քառասունքի հանգրուանը արժանավայել շուքով նշելու մեր պարտականութիւնը եղած են հետեւեալ տնօրինումները։

Կու գանք յայտարարել մերազն ժողովրդեան, թէ Աթոռոյս 84րդ Գահակալ՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր քառասնից լրման առթիւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ 27 Ապրիլ 2019, Շաբաթ, ժամը՝ 10.00-ին։ Ապա, նոյն օր, Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր հողակոյտին վրայ պիտի կատարուի հանգստեան կանոնական կարգ, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, ժամը՝ 14.00-ին։

Կը ծանուցանենք մեր համայնքի պաշտօնական մարմիններուն ու մերազն ժողովրդեան։