ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՀՈՂԱԿՈՅՏԻՆ ՎՐԱՅ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու Տօնին, 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը յիշատակուեցաւ, իր հողակոյտին վրայ։ Նկատելով որ Ս. Թարգանչաց Վարդապետաց Տօնը, նաեւ Երանաշնորհ Պատրիարք Սրբազան Հօր անուանակոչութեան տօնն է, կազմակերպուած էր նման յիշատակութիւն մը։

2019 MESBAD KEREZMAN 3

Ժամը 14.30-ին, Տեղապահ Սահակ Սրբազան Հօր նախագահած եկեղեցականաց թափորը, գերեզմանատան մուտքէն ուղղուեցաւ դէպի հոգեւորականաց թաղը։ Ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ եւ Լուսարարապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ., Գէորգ Աւ., Սարգիս Աւ., Զաւէն քահանայ հայրերը, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ խումբ մը հաւատացեալներ։

2019 MESBAD KEREZMAN 2

Այնուհետեւ, Պատրիարք Սրբազան Հօր հողակոյտին մօտ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն։ Այս առթիւ, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ ըսաւ. «Երբ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք, պիտի ձեռնադրէր Մինաս Սարկաւագը, տեսաւ իր մէջի հանճարը եւ զայն անուանեց Մեսրոպ Աբեղայ։ Իրապէս, իր անուան իրաւունքը տուաւ Պատրիարք Հայրը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի հաւատարիմ աշակերտը դարձաւ։ Անոր աշխատութեամբ շատերս հայերէնի, Հայ մշակոյթին, Հայ Եկեղեցիին եւ մեր հաւատքին ծանօթացանք։ Այնուհետեւ մենք շատ բան կը պարտինք իրեն եւ այսօր լաւ առիթ է որ անգամ մը եւս յիշատակենք զինք ու իր թողած աւանդը պահպանելու համար վերաթարմացնենք մեր ուխտերը»։