ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՇԱՀԱՆ Ս. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

armas sahan sirpazan kadikoyՊատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, 5 Դեկտեմբեր 2014, Ուրբաթ երեկոյեան, ոգեկոչուեցաւ Երջանկայիշատակ Տ. Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեան։

Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Բ. Վերաշինութեան 200, Արամեան-Ունճեան Վարժարանի 140 եւ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի 75 ամեակներուն առթիւ եւ ձօնուած՝ Հայ Եկեղեցւոյ երախտաշատ սպասաւորին։

Armas Der KirkorՀոգեւոր համերգին հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Ներկայ էին նաեւ Ստանպուլի Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն Հայր Աբրահամ Վրդ. Ֆրաթեան եւ  Հայր Միքայէլ Վրդ. Ուչար, քահանայ հայրեր եւ երաժտասէր հասարակութիւն մը։

Հոգեւոր համերգին հանդէս եկաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբը, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Ողջոյնի խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ.Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ Տամատեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Արման Պիւքիւճեանը, արտասանելու համար իր սրտի խօսքը։

arman bukucuyan«Բոլորիս համար ուրախութեան առիթ է ողջունել Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ երկրորդ վերաշինութեան 200-ամեակը։ Այս ուրախառիթ հանգրուանին միացան նաեւ Արամեան-Ունճեան Վարժարանի 140-ամեակն ու Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի 75-ամեակը։ Հետեւաբար այս երեք ուրախառիթ հանգրուանները մեր կարելիութեանց ներած չափով լաւագոյնս նշելու համար Թաղական Խորհուրդս համամիտ գտնուելով Ս. Եկեղեցւոյս երէցին առաջարկին, ընթացք տուաւ ազնիւ անձնաւորութեանց մասնակցութեամբ կազմաւորուած յանձնախումբի մը մշակած ծրագիրներուն։

Այս գիշեր Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ երդիքին տակ հաւաքուած ենք հոգեւոր համերգի մը ունկնդրութեան համար։ Յանուն թաղական խորհուրդին եւ թաղի ժողովուրդին կ՚ողջունենք Ձեր բոլորին ներկայութիւնը, որ բարի եղաք մասնակից դառնալ մեր հրճուանքին։

Այս համերգը ձօնեցինք Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն իշխանաւորին՝ Երանաշնորհ Տէր Շահան Սրբազան Արքեպիսկոպոսի յիշատակին։ Սրբազան Հայրը օտարական մը չէ մեզի համար։ Մեր թաղեցի ժողովուրդը տարիներ շարունակ վայելեց իր թանկագին ներկայութիւնը Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ։ Իր ժողովրդական քարոզները, հայրական խրատները միշտ կը մնան մեր բոլորին մտքերուն եւ սրտերուն մէջ։ Բաց աստի Սրբազան Հայրը, ինչպէս ինք կ՚ըսէր, մեր թաղեցին էր։ Մանաւանդ կը յիշէր իր մանկութեան օրերուն մեծ մօրը Եէլտէյիրմէնի թաղամասի տունը տրուած այցելութիւնները։ Ամէն առթիւ կը յիշէր իր մեծ մօրը ներկայութիւնը Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ։ Մեզի կը փոխանցէր ծերունազարդ Հայ տիկնոջ զգացած երջանկութիւնը, ի տես իր թոռան ներկայութիւնը Սուրբ Սեղանին առջեւ։

Սրբազան Հայրը նաեւ մեր Արամեան-Ունճեան Վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարած էր։ Կրօնագիտութեան, բարոյագիտութեան, նաեւ Հայերէնի դասերը աւանդած էր տիրապէս։ Սկիւտարի մեր ազնիւ եղբայրներն ու քոյրերը, երբ արդար հպարտութիւնը ունին Սկիւտարցի Սրբազան Հօր ներկայութիւնը վայելած ըլլալու, մենք ալ նոյն պատճառաւ կերպով մը բաժնեկից կ՚ըլլանք այդ արդար հպարտութեան։

Երանաշնորհ Շահան Սրբազան Հայրը հոգեւոր երգերով յիշելը, յիրաւի թանկագին նուէր մըն է, ընծայուած՝ իր անթառամ յիշատակին։ Ամէն առթիւ կը շեշտէր, թէ Հայ Եկեղեցւոյ համար որքան կարեւոր եւ թանկագին էր Շարականը։ Ինքը տարիներ շարունակ սիրով երգեց, սիրով ունկնդրեց։ Հիմա իր երկնային կայքին մէջ կը շարունակէ հրեշտակներու եւ եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներուն հետ Աստուծոյ փառքը երգել։

Երախտագիտութեամբ կը խոնարհինք Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար աշխատելով ի Քրիստոս ննջած ազնիւ անձերու բարի յիշատակներուն առջեւ եւ կ՛ըսենք. «Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։ Իսկ անոնք որոնք ի կեանս են, անոնց կը մաղթենք քաջառողջ կեանք իրենց Աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։

Մեզի համար ուրախառիթ պարագայ մըն է վայելել Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութիւնը այս հանդիսութեան։ Մենք որդիական ակնածանօք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տէր Արամ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի, որ իր հայրական բարձր ներկայութեամբ պատուեց մեր այս գողտրիկ յիշատակութեան հանդէսը։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պատրիարքական Աթոռի Արմաշ Դպրաց Խումբին, որոնք ընդառաջելով մեր հրաւէրին սիրայօժար մասնակցեցան եւ իրենց վարիչ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի մականին տակ եկան իրենց աղը ցանել այս երրեակ հանգրուաններու յիշատակութեան առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն։

Շնորհակալութիւն Ձեր ներկայութեան եւ ուշադրութեան համար»։

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, պատրաստուած՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայի եւ Բրշ. Արթուն Սրկ.Տամատեանի կողմէ, որ կը ներկայացնէր Շահան Սրբազան Հօր սարկաւագութեան, վարդապետութեան եւ հուսկ՝ եպիսկոպոսութեան շրջանները։ Նա մանաւանդ տեսաերիզի աւարտին, ներկաներ, յուզումնալից պահեր ապրեցան երբ լսեցին Սրբազան Հօր ձայնը։

armas kadikoyԱպա, Արմաշ Դպրաց Խումբը հանդէս եկաւ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերով։ Յայտագրի առաջին երգն էր «Տէր Ողորմեա»ն, յօրինուած՝ Շահան Սրբազան Հօր վախճանման առթիւ, խումբի վարիչ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ.ի կողմէ։ Ներկաներ, Ֆա Մինէօր եղանակաւ յօրինուած այս երգը առաջին անգամ ունկնդրելու առիթը գտան։

Յետոյ նոյն եղանակաւ, Բրշ. Արթուն Սրկ. մեներգեց Գիշերային Ժամերգութեան քարոզներէն մին, որուն յաջորդեց եղանակաւ «Յարութեան Ալէլուք»ը։ Ֆա Մինէօր եղանակի վրայ դաշնաւորուած այս հոգեւոր երգերէ յետոյ  Բրկ. Արթիւր Դպ. Պաղտասարեան մեներգեց «Կանայք Ամենայն» Տաղը։ Հետաքրքրական էր այս տաղը քանի որ տասնեակ տարիներ յետոյ առաջին անգամ էր որ ի լոյս կուգար եւ կ՚երգուէր։ Ապա երգուեցաւ «Կանանց Կանխելով» թափօրի շարականը եւ Արմաշու Դպրեվանքի վերջին երաժշտապետ Յակոբոս Այվազեանի յօրինած երկու երգերը՝ «Հեծաւ Արի Արքայն» ու «Ո՜ Տայր Ինձ»ը, որոնք գնահատուած էին Արմաշու Դպրեվանքի երբեմնի տեսուչ՝ Եղիշէ Արքեպս. Դուրեանի կողմէ։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ Ս. Պատարագի երգերով՝ «Սուրբ Սուրբ», «Հայր երկնաւոր», «Յամենայնի», «Որդի Աստուծոյ», «Հոգի Աստուծոյ», դաշնաւորուած՝ Լեւոն Խանճեանի կողմէ, ԳՁ եղանակի վրայ։ «Ամէն, Հայր Սուրբ»ը, դաշնաւորուած՝ ԲԿ եղանակի վրայ եւ  «Քրիստոս պատարագեալ»ը դաշնաւորած՝ Վրամ Ֆասըլեաճեանի կողմէ, Րէ Մինէօր (Սուլթանի Եկահ) եղանակի վրայ։

Armas Konser konusmaՀամերգի աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ գնահատեց Գատըգիւղի ընտնիքը, որոնց նախաձեռնութեամբ կատարուած էր ոգեկոչման սոյն երեկոն։ Ապա, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ յանձին Շահան Սրբազան Հօր, մարմնաւորուած բարի, ազնիւ եւ նախանձախնդիր հոգեւորականի տիպարին ու ըսաւ. «Երբ շարականները կ՚երգուէին, պահ մը աչքերս գոցեցի եւ վերյիշեցի անցեալը։ Տեսայ մեր երէց ու սիրեցեալ հայրը եւ եղբայրը՝ Շահան Սրբազանը։ Ան կը պատկանէր այնպիսի սերունդի մը, որ բազում նեղութիւններէ յետոյ կը գտնէր իր ծառայութեան դաշտը։ Շահան Սրբազան, իր հոգեւոր կրթութիւնը ստացած էր Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Վանքի եւ միաբանութեան հովանիին ներքեւ։ Այս շրջանին կը գտնուէին տարաբախտ, սակայն եկեղեցւոյ սրբազան արժէքներու նկատմամբ նախանձախնդիր հոգեւորականներ, ինչպէս՝ Եղիշէ Արքեպս. Տէրտէրեանը, Նորայր Արքեպս. Պողարեանը, Հայրիկ Արքեպս. Ասլանեանը։ Տակաւին շատ են նման հոգեւորականներու անունները։ Շահան Սրբազան այսպիսի հոգեւորականներէ դաստիարակուած ըլլալով, դարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ նախանդախնդիր հոգեւորականը։

Այսօր, իր վախճանումէն յետոյ արդէն իսկ անցած է աւելի քան տարի մը։ Ան ծառայեց ժողովուրդին, աշխատեցաւ, շահեցաւ ու խնայողութեամբ իր շահածը դարձեալ վերադարձուց համայնքին։ Իր յարկաբաժիններէն երեքը նուիրեց Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփաննոս Եկեղեցւոյ, իսկ Հայաստանի իր տունը՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմնածնին։ Ահա, լաւագոյն օրինակը վերյիշելու Պատարագամատոյցի «Եւ զքոյս ի քոյոց Քեզ մատուցանեմք» բառերը։

Դէեւ անցեալին անհաճոյ դէպքեր եղան եւ Շահան Սրբազանը նեղուեցաւ, սակայն Ան հայրական անյիշաչարութեամբ մօտեցաւ բոլորին։ Ան, սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ համայքէն։ Իր մահէն շրջան մը յետոյ, 6 Յունուարին, Ս. Ծնունդի առաւօտ մը, անգիտակից անձ մը, ակնկալելով այլ շահեր, իր շիրիմը բանալ տուաւ, անհեթեթ պնդումով մը, անհանգստացնելով Աստուծոյ օծեալ սպսաւորը։ Փա՜ռք Աստուծոյ, յետագային յայտնուեցաւ թէ կատարուածը զրպարտութիւն մըն էր»։

Նորին Սրբազնութիւնը, իր խօսերու աւարտին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքի հիւանդութեան օրերուն Շահան Սրբազանի ապրած յուզումը յիշեց եւ ըսաւ. «Երբ Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հարը հիւանդացաւ, ինք պատանի մանկան նման արցունք թափեց եւ աղօթեց անոր բժշկութեան համար։ Ծերունազարդ Սրբազան Հայրը միշտ Պատրիարք Սրբազան Հօր քով կ՚ըսէր «Քեզի ըլլալուն երանի՛ ինծի ըլլար»։

armas kadikoy edvinՍրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամները, գլխաւորութեամբ Վարիչ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի եւ իրենց յանձնեց Թաղային Խորդուրդի կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները։ Մաղթեց որ խումբը յաջողութեամբ շարունակէ իր գործունէութիւնըեւ եկեղեցանուէր առաքելութիւնը։

Հոգեւոր համերգը իր աւարտին հասաւ ԳՁ եղանակի վրայ դաշնաւորուած «Հայր Մեր»ով։

Armas Kadikoy Toplu