ԵՐԳԻՉ ԱՆՏՐԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

andreՍիրուած երգիչ Անտրէ, որ համերգի մը համար քաղաքս եկած է, առաջին օրն իսկ՝ 12 Յունուար 2013, Շաբաթ, ժամը 14.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ինչպէս նաեւ երգչուհի Սիպիլ եւ Սարգիս Չավուշեան։

Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս բարի գալուստ մաղթեց համակրելի երգիչին ու յաջողութիւն՝ մօտալուտ համերգին ընթացքին իրեն եւ իր ընկերակիցին՝ Սիպիլին։

Անտրէ ուրախութիւնը յայտնեց հիւրասիրուելով այս սրբազան երդիքին տակ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ զգացումներուն համար։

Անտրէ եւ ընկերակիցները շրջեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանը, առաջնորդութեամբ Թանգարանի Տեսուչ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։