ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 27 Յուլիս 2019, Շաբաթ ընդունեց Երեւանի Մխիթար Սեբաստացի Վարժարանէն 13 աշակերտներ եւ իրենց երկու ուսուցիչները, որոնց կ’ընկերանար Պոմոնթիի Մխնթարեան Վարժարանի Տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Գերպտ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

SEPASDATSI 1

Հիւր աշակերտները մասնակցութիւն բերած էին Իզմիրի Անջրպետային Պրպտումներու Ճամբարի գործունէութեանց, որոնց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Նորին Սրբազնութիւնը բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան ու Հայ Համայնքին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Ան յաջողութիւն մաղթեց նաեւ իրենց։