ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Kategori: Համայնքային

19 Մայիս Երիտասարդաց Տօնին առթիւ, Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան, ընտրուած երիտասարդներու խումբի մը հետ պիտի համախմբուի Անգարայի մէջ, 19 Մայիս 2016, Հինգշաբթի։ Այս հաւաքոյթին պիտի մասնակցին փոքրամասնութիւններէն ալ ներկայացուցիչներ։ Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ, Հայ Համայքէն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Յարութիւն Քուրան։

Վսեմաշուք Նախագահը, ժամը 19.00-ին ընթրիքով պիտի հիւրընկալէ երիտասարդները։ Ապա, ժամը 21.00-ին ԱԹՎ կայանէն ուղղակի պիտի սփռուի հանդիպում մը, որու ընթացքին երիտասարդները պիտի կարողանան իրենց հարցումները ուղղել Վսեմաշուք Նախագահին։