ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽՈՐԴ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԵՀՏԻ ԷՔԷՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Kategori: Աշխարհական

12113480_501052480054640_3943794626709405574_oԵրկրագործութեան նախորդ Նախարար՝ Մեհտի Էքէր, 12 Հոկտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան ի ներկայութեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ եւ համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու  ընդունեց մեծայարգ հիւրը։ Ներկայ էին, Ստանպուլի Երեսփոխաններէն՝ Մարգար Եսայեանի, բարերարներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման սկիզբը, Սրբազան Հայրը, բարի գալուստ մաղթեց, մեծայարգ նախարարին ու անգամ մը եւս իր ցաւը յայտնեց Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական դէպքին կապակցութեամբ։ Յիշեցուց թէ զանազան առիթներով նման յարձակումներ կը վերագրուէին Հայոց։ Նման արտայայտութիւններ, հայ համայնքի անդամներու ցաւը կը կրկնապատկէր։ Նորին Սրբազնութիւնը, ի միջի այլոց անդրադարձաւ նաեւ տարբեր շրջանակներու, տարբեր հաստատութիւններու կամ անձերու, կողմէ յանուն Հայ Համայնքին կատարուած արտայայտութիւններուն։ Ընդգծեց թէ, Պատրիարքական Աթոռն է միայն, որ իրաւասու է յանուն Հայ Համայնքին արտայայտուելու։ Հետեւաբար, արտագոյ Պատրիարքական Աթոռի եղած անհատական արտայայտութիւններ չեն կրնար վերագրուիլ համայնքին։ Սրբազան Հայրը, առիթէն օգտուելով անդրադարձաւ նաեւ դպրոցներու ունեցած կարգ մը հարցերուն։11782378_501052546721300_1360993313052189931_oՆախարար Մեհտի Էքէր եւս ունեցաւ ելոյթ մը եւ ուրախութիւն, յայտնեց թէ Հայ Համայնքի վարչականներու հետ մեկտեղուած ըլլալու առիթ ունեցած էր։ Մեծայարգ հիւրը, որ համաքաղաքացին էր Արամ Սրբազանի, անդրադարձաւ Տիգրանակերտի հասարակական կեանքին, բաղդատութիւններ ընելով ներկայի եւ անցեալի միջեւ։ Նշեց թէ, տարբեր համայնքներէ կազմուած մշակութային հարստութիւն մը գոյութիւն ունէր քաղաքին մէջ։ Քաղաքը կը ներկայացնէր համակեցութեան, իրարու նկատմամբ փոխադարձ յարգանք ունենալու լաւ օրինակը։ Շեշտեց թէ Հայ Համայնքը ունեցած էր արուեստի զարգացման տեսակէտէ անուրանալի ներդրում։ Մաղթեց որ, այս սիրալիր մթնոլորտի օրինակը ապագային եւս հաստատուի բոլոր երկրի տարածքին։ Մաղթեց որ համերաշխութիւնը տիրէ երկրին մէջ ու ահաբեկչական շարժումներ չկարենան երկրի միասնութիւնը խափանել։ Իր խօսքերու աւարտին, յիշեցուց, որ զրոյցի ընթացքին ներկայացուած հարցերը նկատի պիտի առնուին ու փոխանցուին պատկան իշխանութեանց։