ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ

Kategori: Եկեղեցական

zadig jerusalemԱյս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռիս հովանաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Երուսաղէմ՝ մասնակցելու համար Ս. Յարութեան տօնախմբութեան։ Վարդուհի Էրկիւնէշի կողմէ կազմակերպուած ուխտագնացութեան, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինումով ուխտաւորներու խումբը գլխաւորեց Պատրիարքարանի Տեղեկատուական եւ Հրատարակչական  բաժնի վարիչ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Ուխտաւորներու խումբը, որ կը բաղկանար 27 հոգիէ Ստանպուլէն մեկնեցաւ 16 Ապրիլ 2014, Չորեքշաբթի առաւօտ կանուխ եւ հասնելով Թէլ Աւիւ ուղղուեցաւ դէպի Եաֆայի (Յոպպէ) Ս. Նիկողայոս Վանքը։ Ներկաներ աղօթեցին եւ ստացան Վանքի տեսուչ Հոգշ. Հ. Աւետիս Վրդ. Իփրաճեանի օրհնութիւնը, ապա մեկնեցան Երուսաղէմ։

bolsetsi uhdavor miran satilmis Ուխտաւորներ մասնակցեցան Աւագ Հինգշաբթիէն սկսեալ գրեթէ բոլոր արարողութեանց, մինչ այդ, քալեցին Քրիստոսի Տարապանաց ճանապարհը, շրջեցան Երուսաղէմի ու Բեթղեհէմի Սուրբ Գրային վայրերը, այցելեցին այդ վայրերուն վրայ կառուցուած եկեղեցիները, ստացան մանրամասն տեղեկութիւններ, կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքները եւ ունեցան հոգեւոր ապրումներ։

Տօնախմբութեան գագաթնակէտերէն առաջինն էր լոյսի արարողութիւնը, իսկ երկրորդը՝ Ս. Զատկի առաւօտեան տաղաւարի Ս. Պատարագը, որ մատուցուեցաւ Ս. Յարութեան տաճարի կեդրոնը, Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ, ի տես ծովածաւալ բազմութեան։ Նոյն օր, երեկոյեան, Վանքի մեծ փակին մէջ կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։

Յուզիչ արարողութեանց չափ ուշագրաւ էր խումբի անդամներուն Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր կողմէ ընդունուիլը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Պոլսահայ ուխտաւորները պաշտօնապէս ընդունուեցան Ս. Երուսաղէմի Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարքի կողմէ։ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան այս առթիւ Պատրիարք Հօր փոխանցեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի եղբայրական ջերմ ողջոյնները եւ յանուն մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ Պոլսահայ ուխտաւորներուն նորընտիր Պատրիարքը շնորհաւորեց ու Նորին Ամենապատուութեան մաղթեց արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ արգասաբեր երկա՛ր ծառայութիւն։ Ապա, Պոլսահայ ուխտաւորները ստացան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները։

zadig jerusalem 2

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ առաւօտեան Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ուխտաւորաց Ս. Պատարագ եւ աւարտին կատարուեցաւ եռադարձ թաբոր եւ ճանապարհի արարողութիւն՝ բոլոր ուխտաւորներու համար։

Ուխտաւորներ 22 Ապրիլի Մեռելոցի Ս. Պատարագի եւս մասնակցելէ յետոյ այցելեցին Գալիլիոյ ու Նազարէթի շրջանի սրբատեղիները, 27 Ապրիլ 2011, Չորեքշաբթի յետ միջօրէին վերադարձան Սուրբ Երկրէն եւ երեկոյեան հասան Ստանպուլ։