ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՏԵՂԵԿԱԲԵՐԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Avrupa Birligi Raportor JosetteԵւրոմիութեան Խորհուրդի Թուրքիոյ տեղեկաբեր Ժօզէթթէ Տուրրիէու, 30 Ապրիլ 2015, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը, փափաքած էր փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն հետ տեսակցիլ։ Այս շրջագծով այցելած էր նաեւ Թրքահայոց Հոգեւոր Կեդրոնը։ Հանդիպման ընթացքին, փոքրասնութեանց հետ առընչուած հարցերու եւ դարձեալ նոյն նիւթերու շուրջ եղած զարգացումներու մասին տեղեկութիւններ ստացաւ։

Նորին Սրբազնութիւնը, ողջունեց մեծայարգ հիւրին ներկայութիւնը եւ կարճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ Հայ Համայնքի մասին։ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ վերջին շրջաններուն դրական զարգացումներ արձանագրուած են յօգուտ փոքրամասնութեանց։