ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

DSC02709Եւրոմիութեան Խորհուրդի Պատգամաւորներու Խորհուրդի Նախագահ՝ Աննա Պրասսէօր, 10 Ապրիլ 2015, Ուրբաթ, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը, Ստանպուլի մէջ իր կեցութեան օրերուն փափաքած էր փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն հետ տեսակցիլ։ Հանդիպման ընթացքին, փոքրասնութեանց հետ առընչուած հարցերու եւ դարձեալ նոյն նիւթերու շուրջ եղած զարգացումներու մասին տեղեկութիւններ ստացաւ։

Նորին Սրբազնութիւնը, ողջունեց մեծայարգ հիւրին ներկայութիւնը, այցելութեան համար գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ կարճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ Հայ Համայնքի ու Պատրիարքական Աթոռոյ մասին։ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ վերջին շրջաններուն դրական զարգացումներ արձանագրուած են յօգուտ փոքրամասնութեանց։ Այս առումով անգամ մը եւս երկրի վարչայիններուն հասցէին երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ։

Այցելութեան աւարտին, մեծայարգ հիւրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար ու գոհ տպաւորութեամբ մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։