ԶԱՐՈՒՀԻ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

12087677_499353973557824_3109817959135481426_oՀանգուցեալ գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի դուստրը՝ Զարուհի Մուրատեան, ընկերակցութեամբ Փարոս Ամսաթերթի Խմբագրապետուհի Մայտա Սարիսի, 9 Հոկտեմբեր 2015, Ուրբաթ, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Զարուհի Մուրատեան քաղաքս կը գտնուէր, մասնակցելու համար Փարոս Ամսաթերթի հիմնադրութեան 4րդ տարեդարձի առթիւ կատարուած ցուցահանդէսին։ «Անցեալէն դէպի ապագայ» խորագրեալ ցուցահանդէսին, տեղ կը տրուի Սարգիս Մուրատեանի աշխատութիւններուն։ Այցելուները ծանօթութիւններ տուին հանգուցեալ նկարչին եւ իր ստեղծագործումներուն մասին։ Իր աշխատութիւններու շարքին առանցքային բնոյթ ունէր Կոմիտաս Վարդապետի նկարը, որ ցուցադրութեան մասնակից արուեստասէր հասարակութեան եւս ուշադրութիւնը գրաւած էր։ Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի Յունաց Հիւպատոսարանի «Սիսմանոկլիօ Մեկարօ» կեդրոնին մէջ մինչեւ 18 Հոկտեմբեր։ Հետաքրքիրներ, ժամը 15.00-20.00ի միջեւ կրնան այցելել։

Արամ Արքեպս. շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար։ Այցելուներուն ցոյց տուաւ Պատրիարքարանի նկարները եւ իրենց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց։