ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆՑ

Kategori: Համայնքային

LOGOԱյսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ս. Զատկի առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները.

ա. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, 4 Ապրիլ 2021, Կիրակիի համայնքային շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

բ. Յիշատակ մեռելոցի առթիւ 5 Ապրիլ 2021, Երկուշաբթի, ժամը 11.00էն սկսեալ բաց են մեր գերեզմանատուները՝ գերեզմանօրհնէքի համար։ Իսկ Ընդհանուր Հոգեհանգստեան Կարգը կը կատարուի 13.00-ին։

գ. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, Քոյր Եկեղեցիներու ու քաղաքական գործիչներու շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

դ. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, 6 Ապրիլ 2021, Երեքշաբթիի Տիկնանց Յանձնախումբերու շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ