ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Kategori: Փաստաթուղթեր

LOGOՊատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 10 Ապրիլ 2021, Շաբաթ ժամը 12.00-ին համացանցային դրութեամբ գումարուեցաւ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Սոյն արտակարգ նիստին նկատի առնուեցաւ ՔՈՎԻՏ-19 Ժահրի համավարակի սաստկացման պարագաները, որ սկսած էր լուրջ առողջապահական հարցեր ստեղծել։ Ժողովական հայրերկը իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին, թէ Պոլսոյ մէջ վարակուածներու թիւը հետզհետէ կ՚աւելնար ու կը ստանար մտահոգիչ բնոյթ։

Խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնի դարձաւ, թէ եկեղեցւոյ անմիջական ծառայողներու մօտ եւս ստուգուած են վարակումներ։ Այս պարագային կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ, թէ կարեւոր էր ժողովուրդի ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու առողջութեան պահպանումը։ Հետեւաբար վերանայուեցան ցարդ հրահանգուած տնօրինումները, որոշուեցաւ ստորեւի միջոցառումներուն դիմել, որոնք պիտի կիրարկուին ցնոր տնօրինութիւն։

Ա. Ցնոր տնօրինութիւն, 11 Ապրիլ 2021, Կիրակի օրէն սկսեալ կը դադրին եկեղեցիներու մէջ ծիսական արարողութիւնները, ներառեալ կիրակնօրեայ եւ ուխտի օրերուն մատուցանելի Ս. Պատարագները։ Եկեղեցիներ բաց կը մնան փափաքող հաւատացեալներու մոմավառութեան համար։

Բ. Ցնոր տնօրինութիւն, 12 Ապրիլ 2021 Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ յուղարկաւորութիւնները կը կատարուին միայն գերեզմանատուներու մէջ, առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։ Այս արտակարգ շրջանին կը թելադրուի, ցաւակցութիւն յայտնելու համար բաւարարուիլ հեռակայ դրութեամբ, օգտագործելով հեռաձայնը եւ համացանցային միջոցները։

Գ. Նկատի ունենալով առողջապահական պատասխանատուներու թելադրութիւնները ՔՈՎԻՏ-19 Ժահրի պատճառաւ մահացածներու յուղարկաւորութեան արարողութիւնը հարկաւոր միջոցառումներ ապահովելէ յետոյ անյապաղ կը կատարուի գերեզմանատուներու մէջ։

Դ. Յետ թաղման կատարելի առտնին եւ կիրակամուտքի արարողութիւնները առկախուած են։ Կը թելադրենք, որ սգաւոր ընտանիքներ բաւարարուին գերեզմանատուներու մէջ կատարուած արարողութեանց ընթացքին կատարուած հանգստեան աղօթքներով։

Ե. Քառասունքի եւ տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութիւնները շաբաթամէջի օրերուն առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։ Այս յօդուածի տրամադրութիւնները ի զօրու կը դառնան բնականաբար այն օրերուն երբ պաշտօնական սահմանափակումներ չեն յայտարարուած։

Զ. Նախապէս կարգադրուած Սուրբ Պսակի եւ Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութիւններու պարագաներուն, ընտանիքներ կրնան յետաձգել։ Անկարելիութեան պարագային կ՚արտօնուին միայն սեղմ թիւով հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ կատարել։ Կը թելադրենք սոյն վերջին տնօրինութեան բծախնդրութեամբ հնազանդիլ նկատի ունենալով հանրային առողջութեան պահպանումը եւ նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։

Հոգեւորական Դասու անդամները արդէն իսկ իրենց առօրեայ աղօթասացութիւնը կը կատարեն առտնին դրութեամբ։ Այսու կը թելադրուի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթակցիլ հոգեւոր հայրերուն, այն հաւատքով թէ աղօթքի միութիւնը կարեւոր է հոգեւոր առումով զօրացման եւ մխիթարութեան համար, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն երբ մարդկութիւնը կը տառապի անտեսանելի ժահրին յառաջ բերած աւերումներէն ու կը կարօտի Ամենակալին Աստուծոյ պահպանութեան, վասն համավարակի աւերներուն բարձման, վարակուած հիւանդներու բժշկութեան եւ իրենց ընտանեկան պարագաները կորսնցուցածներու մխիթարութեան։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

10 Ապրիլ 2021