ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ – 30 Հոկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի

Kategori: Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, իր կողքին ունենալով Պատկ, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝  Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Բ. Ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանը, Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը եւ անդամներէն՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանը ընդունեց  Սամաթիոյ, Պագրգիւղի, Եշիլգիւղի,  Ֆէրիգիւղի եւ Գատըգիւղի Թաղական Խորհուրդներու ատենապետներ՝ Տեարք Եսայի Տէմիրը, Մէսութ Էօզտէմիրը, Հապիպ Էօզֆուրունճուն, Մուրատ Էօղէրը, Արման Պիւքիւճիւեանը եւ համայնքիս բարերարներէն Տիար Հայկ Արսլանեանը։

Հիւրերը համայնքիս վերաբերեալ զանազան նիւթերու մասին գոյացած  անհանգստութիւնները ներկայացուցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր եւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի հայրերուն նկատառման։ Սրբազան Հայրը, հաւաստիացուց, թէ Պատկ. Կրօնական Ժողովը արդէն իսկ վաղուց տեղեակ է այդ բոլորին, եւ արդէն իսկ օրակարգի վրայ ունի զանոնք, բարւօք լուծումներու յանգելու համար։ Սրբազան Հայրն ու Պատկ. Կրօնական Ժողովի  անդամները փոխանցեցին նաեւ, Պատրիարքական Աթոռի անհանգստութիւնները, ցաւն ու մտահոգութիւնները ի տես կարգ մը զարգացումներու։

Հիւրերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին, որ Պատրիարքական Աթոռը արդէն պարտն ու պատշաճը տնօրինելու բծախնդիր  մտահոգութեան մէջ կը գտնուի եւ պատրաստակամութիւն ունի, հարցերը , յարմարագոյն ոճով եւ ժամանակին լուծելու։

Սրբազան Հայրը եւ ժողովական հայրերը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին, թէ ապագային կատարելի աշխատանքներու ընդացքին դարձեալ պիտի գտնուին անձեր, որոնք զարտուղի կեցուածքով եւ դիմումներով պիտի կաշկանդեն բարւօք ընթացքը։

Հիւրերը, նաեւ ցանկութիւն յայտնեցին, թէ մերթ ընդ մերթ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ անդամներու, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ հանդիպումներ տեղի ունենան, գաղափարի փոխանակութեան համար։

Բարձր. Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց ներկայացուած խնդրանքին եւ յարմար առիթներով, խոստացաւ հրաւէր ուղղել նման հանդիպումներու համար։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ գոհունակութեամբ մեկնեցան։

Zeguyts