ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 12 Յուլիս 2019, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, ընդունեց Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս եւ Երգչախումբի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Դասուն Նախագահ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի։

 

Անոնք եկած էին շնորհաւորելու Նորին Սրբազնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ Երգչախումբի գործունէութեանց մասին։

2019 ZVARTNOTS

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։