ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

zivartnotsԿէտիկփաշայի Ս. Զուարթնոց Եկեղեցւոյ, Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, դասուն նախագահ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանի, 26 Հոկտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձ. Տ. Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեանի կողմէ։
Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին 22 Նոյեմբերին տօնախմբել դպրաց դասուն եւ երգչախումբին կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ։ Այցելուներ տեղեկութիւն տուին դպրաց դասու գործունէութեանց մասին։ Մանաւանդ երախտագիտութեամբ անդրադարձան դպրաց դասու երէց անդասներուն գովելի ծառայութեան։ Անոնք, երբեմնի հայահոծ թաղի եկեղեցւոյ պայծառութեան համար հաւատարմօրէն կը կատարէին իրենց վիճակած պաշտօնները։ Անոնք, խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։
Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն։