ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Հուլիան Թէօնին։

 

Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան Հօր քաղաքավարական այցելութիւն տալով, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ Համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին, յարգելի հիւրը առիթն ունեցաւ նաեւ շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։

2020 ISVICRE BASKONSOLOSU

Պատրիարք Հայրը, մեծայարգ աւագ հիւպատոսին շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, մասնաւորապէս շեշտեց թէ Հայ Եկեղեցւոյ չորս կարեւոր կեդրոններէն է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ այս շրջագիծով Աթոռոյ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ հնագոյն համայնքներէն մին՝ Հայ Համայնքը կը շարունակէ իր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին։ Հանդիպման աւարտին, Թէօնին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան ջերմ ընդունելութեան համար ու մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։