ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր

Nathalie MartiՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 27 Նոյեմբեր 2017, Երկուշաբթի, Ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Նաթալի Մարթինը։

Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Տեղապահ Սրբազան Հօր քաղաքավարական այցելութիւն տալով, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ Համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, մեծայարգ աւագ հիւպատոսին շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։ Սրբազան Հայրը, հակիրճ ձեւով ծանօթացուց Պատրիարքական Աթոռն ու համայնքային մարմիններու կեանքը։ Հանդիպման աւարտին, Մարթին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան ջերմ ընդունելութեան համար ու մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։