ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

isvicreԶուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Մօնիքա Շըմութզ Քըրկէօզ, 12 Օգոստոս 2015, Չորեքշաբթի, միջօրէին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով, մեծայարգ աւագ հիւպատոսը հիւրընկալուեցաւ ճաշասեղանով։ Տեսակցութեան ընթացքին, կարգ մը կարեւոր նիւթերու շուրջ գաղափարի փոխանակում եղաւ։