ԷՅԻՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

12248034_10153697450042380_7888922856824127971_oԷյիւպի Ս. Եղիա Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 13 Նոյեմբեր 2015, Ուրբաթ, ձեռամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան քահանայ հայրեր։

Ժամը 16.00-ին, Նորին Սրբազնութիւնը, հոգեւորականաց թափորով առաջնորդուեցաւ խորհրդարանէն դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը։  Այստեղ կատարուած Դռնբացէքի Արարողութենէն յետոյ, ներկայ հաւատացեալներ մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորիս Սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ աւագ խորանն ու պահարաններու Ս. Սեղանները։ Սրբազան Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարելաւման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Վեր առնելով Թաղային Խորհուրդին աշխատութիւնը, մաղթեց որ եկեղեցին բարեզարդեալ վիճակով ծառայէ հաւատացեալներու վերացման։12248011_10153697443942380_6848092738312610215_o

12250169_10153697442417380_6256111411074647064_nԱրարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ, որմէ յետոյ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Իսկ, Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի։